Հարավային դպրոց 5.2 դասարան;
Չրք 13.12.2023 09:02
4
4
«Կաղանդի ծառ»
Ծառէն ժանեակ ծառէն մանեակ ծառէնսոխակկախեցէք
Ծառէն թելեր ծառէն ծամեր ծառէն լոյսերկախեցէք Ծառէն ծաղիկ ու խաղալիկ Ծառէն պերճանք ու զարդարանք Ծառէն խաբկանք ծառէն պատրանք ուերազանքկախեցէք
«Կաղանդի գիշեր»
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու,
Ի վերջոյ նորէն այդպէս ըլլալու– Տօնն է այս գիշեր…… Լոյսեր վառեցէք – եթէ չի բաւեր Ձեզ տաքցնելու ձեր լոյսը ներքին– Տօն է այս գիշեր… Պահ մը ամէն ինչ վերջացնելու Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու– Տօնն է այս գիշեր… Յոյսեր վառեցէք – եթէ չեն բաւեր Ձեզ տաքցնելու ձեր յոյսերը հին– Տօն է այս գիշեր… Երգել փորձեցէք – եթէ չէք մոռցեր Խանդոտ երգերը ձեր պարմանութեան– Տօն է այս գիշեր… Զուր տեղ վատնուած օրերն յիշելու– Գոյութեան տխուր հաշուեկշիռին Տօնն է այս գիշեր… Լոյսեր ու յոյսեր վառեցէք գոյն գոյն, Երգեր երգեցէք հինէն ու նորէն– Տօ՛ն է այս գիշեր… Գոյատեւելո՛ւ տօնն է այս գիշեր…