(Untitled)

Ում.​Հարավային դպրոց 5.2 դասարան;​+ 3 այլոք​​​ Չրք 13.12.2023 09:02 4 4 «Կաղանդի ծառ» Ծառէն ժանեակ ծառէն մանեակ ծառէնսոխակկախեցէքԾառէն թելեր ծառէն ծամեր ծառէն լոյսերկախեցէքԾառէն ծաղիկ ու խաղալիկԾառէն պերճանք ու զարդարանքԾառէն խաբկանք ծառէն պատրանք ուերազանքկախեցէք   «Կաղանդի գիշեր» Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու,Ի վերջոյ նորէն այդպէս ըլլալու–Տօնն է այս գիշեր……Լոյսեր վառեցէք – եթէ չի բաւերՁեզ տաքցնելու ձեր լոյսը ներքին–Տօն է այս գիշեր…Պահ մը ամէն ինչ վերջացնելուԱմէն ինչ ծայրէն վերսկսելու–Տօնն է այս գիշեր…Յոյսեր վառեցէք – եթէ չեն բաւերՁեզ տաքցնելու ձեր յոյսերը հին–Տօն է այս գիշեր…Երգել փորձեցէք – եթէ չէք մոռցերԽանդոտ երգերը ձեր պարմանութեան–Տօն է այս գիշեր…Զուր տեղ վատնուած օրերն յիշելու–Գոյութեան տխուր հաշուեկշիռինՏօնն է այս գիշեր…Լոյսեր ու յոյսեր վառեցէք գոյն գոյն,Երգեր երգեցէք հինէն ու նորէն–Տօ՛ն է այս գիշեր…Գոյատեւելո՛ւ տօնն է այս գիշեր…